«ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ի պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ ստացուած է թեկնածութիւնը չորս երկիրներու, որոնք կ՛ուզեն հիւրընկալել «ԵՒՐՕ-2028»-ի եւ «ԵՒՐՕ-2032»-ի ֆութպոլի ախոյեանութիւնը:
Վերոնշեալ կազմակերպութիւնը յայտնեց, որ «ԵՒՐՕ-2028»-ի ֆութպոլի ախոյեանութիւնը հիւրընկալելու համար իրենց միատեղ թեկնածութիւնը առաջադրած են Անգլիա եւ Իրլանտա, իսկ Թուրքիա` առանձինն:
Իսկ «ԵՒՐՕ-2032»-ի ֆութպոլի ախոյեանութիւնը հիւրընկալելու համար իր թեկնածութիւնը առաջադրած է Իտալիա:
Նշուեցաւ, որ եթէ Թուրքիա «ԵՒՐՕ-2028»-ի ախոյեանութիւնը հիւրընկալելու իրաւունքը չստանայ, պիտի պայքարի «ԵՒՐՕ-2032»-ի ախոյեանութիւնը հիւրընկալելու իր թեկնածութիւնը յաջողցնելու համար:
Վերոնշեալ ախոյեանութիւններուն քուէարկութիւնը տեղի պիտի ունենայ այս տարի` հոկտեմբերին: