Մանչեսթըր Եունայթըտի յառաջապահ Մարքուս Ռեշֆորտ, որ Էվըրթընի դէմ տեղի ունեցած Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումին վիրաւորուեցաւ, 2-3 շաբաթով պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն, այս մասին յայտնեց անգլիական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Նշուեցաւ, որ 25 տարեկան Ռեշֆորտ ֆութպոլի դաշտերը պիտի վերադառնայ տարեշրջանին վերջին բաժինը:
Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան ընթացիկ տարեշրջանին ան 29 մրցումի ընթացքին նշանակած է 15 կոլ եւ կատարած 4 էսիսթ:


