Ինչպէս ծանօթ է, Թուրքիոյ Անթալիա քաղաքին մէջ, տեղի կ՛ունենայ Եւրոպայի մարմնամարզութեան ախոյեանութիւնը:
Հայաստանի մարմնամարզութեան ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ հայրենի երեք մարզիկներ ապահովեցին աւարտական հանգրուանի իրենց տոմսերը:
Աւարտականին հասնող այդ երեք մարմնամարզիկները հանդիսացան Արթուր Դաւթեան, Վահագն Դաւթեան եւ Արթուր Աւետիսեան:
Սակայն Յարութիւն Մերդինեան եւ Գագիկ Խաչիկեան չկրցան ապահովել աւարտականի իրենց տոմսերը:
Նշենք, որ աւարտական հանգրուանի մրցումները տեղի պիտի ունենան 15-16 ապրիլին: