28 տարեկան անպարտելի հայ կռփամարտիկ Էրիկ Բազինեան նախորդ շաբաթավերջին Մոնրէալի մէջ (Քանատա) իր կատարած մենամարտին ընթացքին արհեստավարժ ռինկի վրայ արձանագրեց իր 30-րդ յաղթանակը, իրաւարարներու միաձայն որոշումով, պարտութեան մատնելով մեքսիքացի Խոսէ տէ Խեսուսը:
Բազինեան, որ ցարդ ոչ մէկ պարտութիւն կրած է, այսպիսով իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ պաշտպանեց գերմիջին քաշային կարգի «ԷՆ. ԷՅ. ՊԻ. ԷՅ.»-ի եւ «ԷՆ. ԷՅ. ՊԻ. Ֆ.»-ի ախոյեանութեան գօտիները:


