Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Սպանիոյ կրան փրին, որ կ՛իյնայ «Ֆորմիւլա-1»-ի 2023-ի աշխարհի ախոյեանութեան 8-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ:
Անիկա աւարտեցաւ աշխարհի կրկնակի ախոյեան, աւստրիական «Ռետ Պուլ»-ի նետերլանտցի վարորդ Մաքս Վերսթափենի յաղթանակով, որ այժմ իր տրամադրութեան տակ ունենալով 144 կէտ, կը գրաւէ վարորդներու ընդհանուր դասաւորման պարագլուխի դիրքը:
Երկրորդ դիրքը գրաւեց աշխարհի 7-ակի ախոյեան, «Մերսետես»-ի անգլիացի վարորդ Լուիս Հեմիլթըն, մինչ լաւագոյն եռեակը ամբողջացուց անոր խմբակից եւ հայրենակից Ճորճ Ռասըլ:
Նշենք, որ վարորդներու ընդհանուր դասաւորման մէջ, Վերսթափենի ետին երկրորդ դիրքը 105 կէտով կը գրաւէ Սերճիօ Փերեզ («Ռետ Պուլ»), մինչ լաւագոյն եռեակը 93 կէտով կ՛ամբողջացնէ Ֆերնանտօ Ալոնսօ («Ասթոն Մարթին»):
Տարեշրջանի (ընդամէնը` 23 կրան-փրի) 9-րդ հանգրուանը տեղի պիտի ունենայ 18 յունիսին` Քանատայի մէջ:


