Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լիկ-1») 38-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումները:
Ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմեն, որ «Փարք տը Փրենս»-ի մէջ հիւրընկալեց Քլերմոն Ֆութը, անկէ կրեց 3-2 արդիւնքով պարտութիւն մը, հակառակ անոր որ հիւրընկալ կազմը ինք նշանակեց մրցումին առաջին երկու կոլերը:
Մայրաքաղաքի կազմին երկու կոլերը նշանակեցին Սերճիօ Ռամոս (16-րդ) եւ Քիլիան Էմպափէ (21-րդ` փենալթիով):
Ռամոսի նման Սեն Ժերմենի հետ իր վերջին մրցումը կատարեց արժանթինցի Լիոնել Մեսսի, որ ընդունուեցաւ խումբին համակիրներուն սուլոցներով:
Այսպիսով, Սեն Ժերմեն տարեշրջանը աւարտեց 85 կէտով, մինչ փոխախոյեան հանդիսացած Լանս` 84 կէտով:
Արձանագրելով 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը, Նանթ յաջողեցաւ մնալ Ա. դասակարգին մէջ, մինչ վերջին չորս դիրքերը գրաւած խումբերը` Օքսեռ, Աժաքսիօ, Թրուա եւ Անժէ, փոխադրուեցան Բ. դասակարգ: