Գերմանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի աւարտականին, Պերլինի Օլիմփիասթատիոնի մէջ իրարու դէմ մրցեցան Լայփցիկ եւ Այնթրախթ Ֆրանքֆորթ, աւելի քան 74 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան:
Արձանագրելով 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը, Լայփցիկ յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով հանդիսացաւ տիտղոսակիր:
Լայփցիկ, որ իր կոլերը նշանակեց 71-րդ եւ 85-րդ վայրկեաններուն, տարեշրջանը աւարտեց երրորդ դիրքին վրայ, մինչ Ֆրանքֆորթ` 7-րդ դիրքին վրայ: