Սպանական մարզական մամուլը յայտնեց, որ Ռէալ Մատրիտ փոխադարձ համաձայնութեամբ մը, իր պայմանագրութիւնը խզեց պելճիքացի 32 տարեկան միջնապահ Էտեն Հազարի հետ:
32 տարեկան ֆութպոլիստին պայմանագրութիւնը նախատեսուած էր մինչեւ յունիս 2024:
Արքայական ակումբին հետ չորս տարեշրջանի ընթացքին Հազար նշանակեց միայն 7 կոլ:
2019-ին Հազարի փոխանցման համար Ռէալ Մատրիտ Չելսիին վճարեց 115 միլիոն եւրօ:
Այստեղ նշենք սակայն, որ բազմաթիւ վնասուածքներու պատճառով ան բացակայեցաւ բազմաթիւ մրցումներէ: