Սպանացի անուանի յետսապահ Սերճիօ Ռամոս այս ամսուան ընթացքին պիտի լքէ իր ակումբը` Փարիզ Սեն Ժերմենը, այս մասին յայտնեց մայրաքաղաքի կազմին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Թէեւ Սեն Ժերմեն կը փափաքէր անոր պայմանագրութիւնը մէկ տարիով երկարաձգել, սակայն ֆութպոլիստէն մերժում ստացաւ:
Ըստ շրջան ընող լուրերուն, 2021-ին Ռէալ Մատրիտէն Ֆրանսա տեղափոխուած Ռամոս առաջարկներ ունի Սէուտական Արաբիայէն:
Ընթացիկ տարեշրջանին ան իր կազմին հետ բոլոր մրցաշարքերուն ընթացքին մասնակցեցաւ 44 մրցումի, նշանակեց 4 կոլ եւ կատարեց էսիսթ մը: