Ռէալ Մատրիտի սպանացի յառաջապահ Մարքօ Ասենսիօ ընթացիկ տարեշրջանին աւարտէն ետք իբրեւ ազատ ֆութպոլիստ պիտի տեղափոխուի Փարիզ Սեն Ժերմեն, այս մասին յայտնեց սպանական մարզական մամուլը:
Հաղորդուեցաւ, որ արքայական ակումբը Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի 27 տարեկան ֆութպոլիստին առաջարկած է նոր պայմանագրութիւն մը, որ սակայն մերժուած է Ասենսիոյի կողմէ:
Ասենսիօ, որ 2015-ին միացաւ Ռէալ Մատրիտին, 285 մրցումի ընթացքին ցարդ նշանակած 61 կոլ եւ կատարած 32 էսիսթ: