Անգլիական մարզական մամուլը կը հաղորդէ, որ «Ֆորմիւլա-1»-ի իտալական «Ֆեռարի» խումբը կրնայ մեծ պայմանագրութիւն մը առաջարկել գերմանական «Մերսետես»-ի անգլիացի վարորդ Լուիս Հեմիլթընին:
Նշուեցաւ, որ անիկա Հեմիլթընին պիտի առաջարկէ 50 միլիոն ամերիկեան տոլարի պայմանագրութիւն մը:
Եթէ Հեմիլթըն համաձայն գտնուի պայմանագրութիւնը ստորագրել, ապա ուրեմն «Ֆեռարի» պիտի ուզէ իր կազմին մէջ պահել Շարլ Լեքլերը եւ ոչ թէ Քարլոս Սայնցը:
Նշենք, որ Հեմիլթընի պայմանագրութիւնը «Մերսետես»-ի հետ կ՛աւարտի այս տարուան աւարտին: