«ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի երկրորդ մրցումին, որ դարձեալ տեղի ունեցաւ Տենվըրի մէջ, հիւրընկալ կազմը` Նակեթց, 111-108 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց իր հիւրէն` Մայեմի Հիթէն:
Ինչպէս ծանօթ է, Նակեթց առաջին մրցումին յաղթած էր 104-93 արդիւնքով:
Այս երկրորդ մրցումին Նակեթցէն Նիքոլա Եոքիչ թէեւ նշանակեց 41 կէտ, սակայն հակառակ ատոր, անոր կազմը չկրցաւ յաղթանակ արձանագրել:
Անոնց միջեւ երրորդ մրցումը տեղի պիտի ունենայ հինգշաբթիէն ուրբաթ լուսցող գիշերուան ժամը 3:30-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով)` Մայեմիի մէջ:


