«ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանի աւարտական հանգրուանի առաջին մրցումին, երէկ արեւմտեան շրջանի ախոյեան հանդիսացած Տենվըր Նակեթց հիւրընկալեց Մայեմի Հիթը, որ հանդիսացած էր արեւելեան շրջանի ախոյեան:
Նակեթց, արձանագրելով 104-93 (29-20, 30-22, 25-21 եւ 20-30) արդիւնքով յաղթանակ մը, այժմ յաղթական է 1-0 արդիւնքով:
Յաղթական կազմէն Նիքոլա Եոքիչ նշանակեց 27 կէտ, մինչ Հիթէն Պամ Ատեպայօ` 25 կէտ:
Երկրորդ մրցումը եւս տեղի պիտի ունենայ Տենվըրի մէջ:
Եօթը մրցումէ չորս յաղթանակ արձանագրող խումբը կը հանդիսանայ երկրի ախոյեան: