Նախորդ տարեշրջանին Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեան հանդիսացած Փիւնիկ Երեւանի գլխաւոր մարզիչ Եղիշէ Մելիքեան իր տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին քննադատեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը:
35-րդ եւ նախավերջին հանգրուանի մրցումներուն, որոնք տեղի ունեցան նախորդ շաբաթավերջին, Ուրարտու, որ 1-0 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Փիւնիկի դաշտէն, հանդիսացաւ Հայաստանի ախոյեան:
Վերջին հանգրուանի մրցումներու նախօրեակին Ուրարտու ունի 82 կէտ, մինչ Փիւնիկ` 77 կէտ:
Մրցումէն ետք Եղիշէ Մելիքեան կատարեց հետեւեալ յայտարարութիւնը.
«Կը շնորհաւորեմ Արմէն Մելիքբէկեանը, որովհետեւ իրենց մշակած ծրագիրը յաջողեցաւ:
Կարմիր քարտի կախակայման համար ֆետերասիոնը չհանեց երեք կէտը, որուն մենք այդքան կարիք ունէինք: Ես ունիմ հինգ փաստեր, որոնք մեզի խանգարեցին ախոյեան հանդիսանալ: Պատրաստ եմ իրենց բոլոր հարցումներուն պատասխանելու, բայց իրենք պատրաստ չեն իմ հարցումներուս պատասխանելու:
Մէկ բան կրնամ ըսել, որ օրէնքի կոպիտ խախտումներով ֆետերասիոնը ախոյեանութիւնը շնորհեց Փիւնիկին»: