Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին հետ «ԵՒՐՕ-2024»-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցումներուն պատրաստուող միջնապահ Խորէն Բայրամեան փորձերու ընթացքին վիրաւորուեցաւ, այս մասին յայտնեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
31 տարեկան Բայրամեան արդէն իսկ հեռացաւ Հայաստանէն եւ վերադարձաւ Ռուսիա` միանալով իր կազմին` Ռոսթովի:
Հայաստանի հաւաքականը իր մարզական հաւաքը կ՛աւարտէ չորեքշաբթի, 14 յունիսին եւ կը մեկնի Քարտիֆ, ուր կը մրցի Կալեսի դէմ:
Նշենք, որ Ալեքսանտր Փեթրաքովի գլխաւորած կազմը` Հայաստան, մաս կը կազմէ Դ. խմբակին:


