Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնի փոխնախագահ Սմբատ Լպուտեան իր հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ նշեց, որ Հայաստան իր մասնակցութիւնը պիտի չբերէ Պաքուի մէջ (Ազրպէյճան) տեղի ունենալիք աշխարհի ճատրակի բաժակի մրցաշարքին:
Այս մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ 30 յուլիսէն 24 օգոստոս` մասնակցութեամբ 206 ճատրակ խաղացողներու:
Հայաստանէն աշխարհի բաժակի տղոց մրցաշարքին մասնակցութեան իրենց տոմսերը ապահոված են կրանտմասթըրներ Գաբրիէլ Սարգսեան, Սամուէլ Տէր Սահակեան, Յովհաննէս Գաբուզեան, Շանթ Սարգսեան եւ Հայկ Մարտիրոսեան:
Իսկ աղջկանց պարագային` Էլինա Դանիէլեան, Աննա Սարգսեան եւ Լիլիթ Մկրտչեան:
Աշխարհի բաժակի մրցաշարքի աւարտական հանգրուան հասած ճատրակ խաղացողները 2024-ի աշխարհի ճատրակի ախոյեանութեան տիտղոսին համար մղուող պայքարին տոմս պիտի ստանան: