Մոլտովայի մայրաքաղաք Քիշնեւի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի բազկամարտի ախոյեանութեան, Հայաստանը ներկայացնող 17 տարեկան Արման Մրտէեան երկու օրուան ընթացքին երկու ոսկի մետալի տիրացաւ` 60 քկ դասակարգին մէջ, այսպիսով դառնալով Եւրոպայի 2023-ի կրկնակի ախոյեան` աջ եւ ձախ բազուկներով մրցումներուն:
Նախքան այս իրագործումը կատարելը, ան արդէն իսկ հանդիսացած էր Եւրոպայի քառակի ախոյեան եւ աշխարհի կրկնակի ախոյեան:
Նշենք, որ Եւրոպայի ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 31 երկիրներէ աւելի քան 900 մասնակիցներ: