Անգլիական Էվըրթընին մաս կազմող բերդապահ Ճորտըն Փիքֆորտ շատ հաւանաբար իր ակումբը լքելով միանայ Մանչեսթըր Եունայթըտին, այս մասին յայտնեց անգլիական մարզական մամուլը:
Եթէ այս փոխանցումը տեղի ունենայ, Փիքֆորտ պիտի ըլլայ իր նոր ակումբին հիմնական բերդապահը, անշուշտ եթէ սպանացի Տաւիտ տէ Ժէա որոշէ հեռանալ մանչեսթըրեան ակումբէն:
2022-2023 տարեշրջանին Փիքֆորտ իր կազմին հետ 37 մրցումի ընթացքին իր բերդին մէջ ստացաւ 60 կոլ, մինչ 8 մրցումի ան անառիկ պահեց իր բերդը:
Ներկայիս անոր փոխանցման արժէքը կը գնահատուի 25 միլիոն եւրոյով: