Արժանթինի Էսթատիօ Սիուտատ տը լա Փլաթա մարզադաշտին մէջ տեղի ունեցած ՖԻՖԱ-ի 20 տարեկանէն վար աշխարհի ֆութպոլի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի մրցումը, որ իրարու դէմ հանեց Ուրուկուէյը եւ Իտալիան, վերջ գտաւ հարաւային ամերիկեան կազմին յաղթանակով` 1-0 արդիւնքով:
Մրցումին միակ կոլը նշանակեց Մոնթեվիտէոյի Լիվըրփուլի յառաջապահ Լուչիանօ Ռոտրիկեզ` 86-րդ վայրկեանին:
Նշենք, որ կիսաւարտականին Ուրուկուէյ 1-0 արդիւնքով յաղթած էր Իսրայէլի, իսկ Իտալիա` Հարաւային Քորէայի: