Աշխարհի ֆութպոլի ախոյեան, Արժանթինի ազգային խումբի 35 տարեկան յառաջապահ Լիոնել Մեսսի վերահաստատեց, որ մտադրութիւն չունի մասնակցելու 2026-ի Մոնտիալին, որ տեղի պիտի ունենայ Մեքսիքայի, Միացեալ Նահանգներու եւ Քանատայի մէջ:
«2022-ի Մոնտիալը ինծի համար հանդիսացաւ աշխարհի վերջին ախոյեանութիւնը: Յաջորդ Մոնտիալին պիտի չմասնակցիմ», ըսաւ ան:
Նշենք, որ Մեսսի իր մասնակցութիւնը բերած է հինգ Մոնտիալներու:


