Հայաստանի նշանառութեան հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Սէյրան Նիկողոսեան իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ Հայաստանի հաւաքականը կը պատրաստուի ներկայացուցչական կազմով մասնակցիլ 14-31 օգոստոսին, Պաքուի մէջ (Ազրպէյճան) տեղի ունենալիք աշխարհի նշանառութեան ախոյեանութեան:
Ներկայիս Էլմիրա Կարապետեան, Բենիկ Խլղաթեան եւ Երջանիկ Աւետիսեան կը պատրաստուին 21 յունիսին Լեհաստանի մէջ սկսելիք եւրոպական երրորդ խաղերուն:
Նշենք, որ Կարապետեան նախորդ տարի արդէն իսկ ապահովեց Փարիզ-2024-ի ողիմպիական ամառնային խաղերու իր տոմսը:
Վերջին անգամ հայրենի նշանաձիգները, 2015-ին Պաքուի մէջ մասնակցեցան եւրոպական առաջին խաղերուն, ուր Հրաչեայ Բաբայեան միջազգային մրցանիշ մը հաստատեց: