Եուվենթուսին մաս կազմող ֆրանսացի միջնապահ Փոլ Փոկպա շատ հաւանաբար ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը շարունակէ Սէուտական Արաբիոյ մէջ, այս մասին յայտնեց իտալական մարզական մամուլը:
Թէեւ իտալական ակումբը կ՛ուզէ իր կազմին մէջ պահել 30 տարեկան ֆութպոլիստը, սակայն եթէ անոր փոխանցման համար ստանայ շահաւէտ առաջարկ մը, համաձայն կրնայ գտնուիլ անոր մեկնումին:
2022-2023 տարեշրջանին ան իր կազմին հետ իր մասնակցութիւնը բերաւ միայն 9 մրցումի, առանց կոլ մը նշանակել կարենալու:
Մինչեւ 2026 Եուվենթուսի հետ պայմանագրութիւն մը ստորագրած Փոկպայի փոխանցման արժէքը կը գնահատուի 20 միլիոն եւրոյով: