Օսիյեք քաղաքին մէջ (Խրուաթիա) տեղի ունեցող մարմնամարզութեան «Ուորլտ Չելէյնճ Քափ»-ի միջազգային մրցաշարքին ծիրին մէջ, Հայաստանի հաւաքականի անդամ Գագիկ Խաչիկեան, նժոյգ ձեւի մարզաձեւի մրցումներուն մէջ իր արձանագրած տպաւորիչ արդիւնքներուն շնորհիւ աւարտականի մրցումներուն ապահովելով 14.766 կէտ, տիրացաւ ոսկի մետալին:
Նոյն մարզաձեւին մէջ, աւարտականին հասած Արթուր Դաւթեան տիրացաւ արծաթ մետալին. աշխարհի ախոյեանը ապահովեց 14.600 կէտ:
Նշենք, որ Եւրոպայի կրկնակի ախոյեան, 30 տարեկան Արթուր Դաւթեան, որ մասնակցեցաւ նաեւ յենացատկի մրցումներու աւարտականին, ապահովելով 15.033 կէտ հանդիսացաւ ախոյեան:


