«ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանը հասաւ իր աւարտին, երբ տեղի ունեցած աւարտական հանգրուանի հինգերորդ մրցումէն ետք յստակացաւ երկրի ախոյեանին անունը:
Արդարեւ, Նակեթց, որ Տենվըրի մէջ հիւրընկալեց Մայեմի Հիթը, անոր դէմ արձանագրելով 94-89 արդիւնքով յաղթանակ մը, հանդիսացաւ ախոյեան` իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով:
Նախքան այս մրցումը, Նակեթց 4-1 արդիւնքով կը գերազանցէր Հիթը եւ յաղթանակի մը պէտք ունէր` հռչակուելու համար ախոյեան:
Յաղթական կազմէն տապըլ-տապըլ մը իրագործեց Նիքոլա Եոքիչ (28 կէտ եւ 16 ռիպաունտ), մինչ Հիթէն 21 կէտ նշանակեց Ճիմի Պաթլըր:
Յետադարձ ակնարկ մը նետելով նորընծայ ախոյեանին վրայ նշենք, որ Նակեթց, որ հիմնուեցաւ 1976-ին, սկզբնական շրջանին իր մասնակցութիւնը կը բերէր «ԷՅ. ՊԻ. ԷՅ.»-ին:
1976-ին, անուանափոխումէն ետք, խումբը միացաւ «ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ.»-ին եւ անիկա կը ներկայացնէ Քոլորատոյի Տենվըր քաղաքը:


