Ռէալ Մատրիտին մաս կազմող պրազիլցի յառաջապահ Վինիսիուս Ժունիոր յառաջիկայ տարեշրջանին դաշտ պիտի ներկայանայ թիւ 7 մարզաշապիկով:
Պելճիքացի միջնապահ Էտեն Հազարի հեռանալէն ետք թիւ 7 մարզաշապիկը մնացած էր ազատ:
Նշենք, որ Ժունիոր դաշտ կը ներկայանար թիւ 20 մարզաշապիկով, որ այժմ տրուած է արքայական ակումբ վերադարձած սպանացի յետսապահ Ֆրան Կարսիային:
Մայրաքաղաքի կազմին հետ նախապէս թիւ 7 մարզաշապիկը կրած են սպանացի յառաջապահ Ռաուլ Կոնզալես եւ փորթուգալցի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ:
2018-ին Ռէալ Մատրիտին միացած Ժունիոր Սպանիոյ ֆութպոլի աւարտած ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերաւ 33 մրցումի, նշանակեց 10 կոլ եւ կատարեց 9 էսիսթ:


