Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմեն իր ֆութպոլիստին` Քիլիան Էմպափէի ստորագրութիւնը տալու համար կը պահանջէ 150 միլիոն եւրօ:
Ինչպէս ծանօթ է, ան նախանցեալ օր յայտնեց, որ 2023-2024 տարեշրջանը անոր համար պիտի ըլլայ վերջինը` մայրաքաղաքի կազմին հետ:
Սեն Ժերմեն անոր փոխանցման համար այդ գումարը կը պահանջէ, որովհետեւ յառաջիկայ տարեշրջանին եթէ ան հեռանայ, անոր մեկնումով ոչինչ պիտի ստանայ:
Ֆրանսայի ֆութպոլի աւարտած ախոյեանութեան, ան 34 մրցումի ընթացքին նշանակեց 29 կոլ:


