«Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի աւարտական հանգրուանի մրցումին յաջորդող օրը, Պոլսոյ կեդրոնական մէկ փողոցին մէջ սպաննուեցաւ Մոսկուայի բանակայիններու 40 տարեկան համակիր Վիաչեսլաւ Նեչիփորչուք, այս մասին յայտնեց միջազգային մարզական մամուլը:
Ան գործով ժամանած էր Թուրքիա` իր բարեկամներուն հետ աւարտականի մրցումը դիտելու համար:
Պանդոկ վերադարձին անոր վրայ յարձակած են չորս անձեր, որոնք ըստ երեւոյթին գողեր էին եւ կը փորձէին գողնալ անոր բջիջային հեռախօսը:
Ան փորձած է պայքարիլ, սակայն անոնցմէ մէկը դանակով հարուածած է անոր սրտին:
Մինչեւ հիւանդանոց տեղափոխուիլը, Նեչիփորչուք, որ իրաւաբան է, մահացած է:
Թուրքիոյ մէջ գտնուող ռուսական դեսպանատունը յայտնեց, որ թրքական ոստիկանութիւնը իր մանրակրկիտ հետաքննութիւնները կը շարունակէ` գտնելու համար յանցագործները:


