Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Պարսելոնա յաջողեցաւ տարուան մը ընթացքին իր ֆութպոլիստներուն աշխատավարձը կրճատել 126 միլիոն եւրոյով եւ նուազեցնել 530 միլիոն եւրոյի, այս մասին յայտնեց սպանական մարզական մամուլը:
Աշխատավարձի այս կրճատումը կատարուեցաւ Ժերար Փիքէի, Մեմֆիս Տեփայի, Սերճի Պուսքեթցի եւ Եորտի Ալպայի հեռանալուն շնորհիւ:
Պարսելոնա յաւելեալ 50 միլիոն եւրօ եւս պիտի կրճատէ այլ ակումբներու փոխ տրուած Քլեման Լանկլէի, Սամուէլ Ումթիթիի, Սերճինիօ Տեսթի, Ալեքս Քոլեատոյի եւ Կուսթաւօ Մայայի փոխանցման իրաւունքներու վաճառքին շնորհիւ:
Որոշակի կրճատումներ պիտի ըլլան նաեւ ակումբին աղջկանց ֆութպոլի խումբին, պասքեթպոլի, հենտպոլի եւ ֆութսալի խումբերուն 90 միլիոն եւրօ ընդհանուր աշխատավարձէն:
Պարսելոնայի նպատակն է աշխատավարձի տարեկան ծախսը հասցնել 450 միլիոն եւրոյի:


