Պարսելոնայի նախկին յետսապահ Ժորտի Ալպա կը մտադրէ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը շարունակել Միացեալ Նահանգներու մէջ` նկատի ունենալով, որ բանակցութիւններ կը կատարէ ամերիկեան շարք մը ակումբներու, որոնց կարգին` Ինթեր Մայեմիի հետ, որուն վերջերս միացաւ անոր նախկին խմբակիցը` Լիոնել Մեսսի:
Բացի ատկէ, ան առաջարկ ստացած է նաեւ Սէուտական Արաբիայէն:
34 տարեկան ֆութպոլիստը ցարդ որոշում չէ տուած իր ապագային գծով եւ շատ հաւանաբար յառաջիկայ շաբաթ ճշդէ իր առնելիք քայլը:


