 Անգլիացի միջնապահ Ժուտ Պելինկհեմ իր ակումբը` Պորուսիա Տորթմունտը լքելով միացաւ Ռէալ Մատրիտին:
Անգլիացի միջնապահ Ժուտ Պելինկհեմ իր ակումբը` Պորուսիա Տորթմունտը լքելով միացաւ Ռէալ Մատրիտին:
19 տարեկան անգլիացին մինչեւ 2029-ի ամառը պայմանագրութիւն մը ստորագրեց արքայական ակումբին հետ:
Նշուեցաւ, որ անոր փոխանցման համար Տորթմունտ ստացաւ 103 միլիոն եւրօ, ինչպէս նաեւ պիտի ստանայ յաւելեալ պարգեւավճարներ, որոնք կը գնահատուին շուրջ 31 միլիոն եւրոյով:
Այսպիսով, ան դարձաւ Ռէալ Մատրիտի պատմութեան 6-րդ անգլիացի ֆութպոլիստը:
Անկէ առաջ խումբին միացած էին անգլիացիներ Լորի Քանինկհեմ, Սթիւ Մաքմանաման, Տէյվիտ Պեքհամ, Մայքըլ Օուըն եւ Ժոնաթըն Վուտկէյթ:
Նշենք, որ Գերմանիոյ փոխախոյեանին հետ ան աւարտած տարեշրջանին 42 մրցումի ընթացքին նշանակեց 14 կոլ եւ կատարեց 7 էսիսթ:
 
			

