Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեան Նափոլիի ղեկավարութիւնը գլխաւոր մարզիչի պաշտօնին համար կը բանակցի Փարիզ Սեն Ժերմենի մարզիչ Քրիսթոֆ Կալթիէի հետ:
Կ՛ակնկալուի, որ 1 յուլիսին Կալթիէ հեռանայ մայրաքաղաքի կազմէն:
Նշուեցաւ, որ ասոր զուգահեռ, Նափոլի բանակցութիւններ կը կատարէ նաեւ ֆրանսացի Ռուտի Կարսիայի հետ, որ նախորդ ապրիլին հեռացաւ Նասըրէն (Սէուտական Արաբիա):
Կարսիա նախապէս եղած է Լիոնի, Մարսէյի եւ Ա. Էս. Ռոմայի մարզիչ:
Նշենք, որ Նափոլիէն հեռացած Լուչիանօ Սփալեթթի մէկ տարի հեռու պիտի մնայ մարզչական աշխատանքէն:


