 Ա. Սէ. Միլանի փոխ տրուած պելճիքացի յառաջապահ Ռոմելու Լուքաքու այս շաբաթասկիզբին մեկնեցաւ Սէուտական Արաբիա:
Ա. Սէ. Միլանի փոխ տրուած պելճիքացի յառաջապահ Ռոմելու Լուքաքու այս շաբաթասկիզբին մեկնեցաւ Սէուտական Արաբիա:
Ըստ իտալական մարզական մամուլին, Հիլալ 30 տարեկան ֆութպոլիստին առաջարկած է երկու տարուան պայմանագրութիւն մը, տարեկան` 25 միլիոն եւրօ աշխատավարձով:
Նշենք, որ Լուքաքուի ստորագրութիւնը կը պատկանի լոնտոնեան Չելսիին, որուն հետ ան մինչեւ յունիս 2026 պայմանագրութիւն մը ստորագրած է:
Անգլիական ակումբը Լուքաքուի փոխանցումէն կ՛ակնկալէ 50 միլիոն եւրօ:
 
			

