Միջազգային ծանրաբարձութեան ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը յայտնեց, որ 2024-ի աշխարհի ծանրաբարձութեան ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ Պահրէյնի մայրաքաղաք Մանամայի մէջ:
Այս որոշումը տրուեցաւ Քուպայի մայրաքաղաք Հաւանայի մէջ տեղի ունեցած աշխարհի ծանրաբարձութեան ֆետերասիոնի գործադիր յանձնախումբին նիստին:
Նշենք, որ այս ախոյեանութիւնը հիւրընկալելու համար իրենց թեկնածութիւնը առաջադրած էին նաեւ Երեւան եւ Ալպանիոյ մայրաքաղաքը` Թիրանա:
Այս տարի Երեւան հիւրընկալած էր Եւրոպայի ախոյեանութիւնը, մինչ Մանամա 2022-ին հիւրընկալած էր Ասիոյ ախոյեանութիւնը:


