Ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, այսօր` հինգշաբթի, 15 յունիսին, Հայաստանի 21 տարեկանէն վար ազգային խումբը, ժամը 19:00-ին (Երեւանի ժամանակացոյցով), Սքոփյէի մէջ հիւրը պիտի ըլլայ Հիւսիսային Մակեդոնիոյ:
Նշենք, որ նախորդ շաբաթավերջին հայրենի կազմը իր կատարած մարզական հաւաքով լաւապէս պատրաստուեցաւ այս մրցումին, այս մասին յայտնեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Հայաստանի հաւաքականին գլխաւոր մարզիչն է Ռաֆայէլ Նազարեան:


