Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը «ԵՒՐՕ-2024»-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան 3-րդ եւ 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն նախօրեակին ունեցաւ այլ կորուստ մըն ալ, այս մասին յայտնեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Հայաստանի պատուիրակութեան հետ Քարտիֆ չյաջողեցաւ մեկնիլ Ալաշկերտ-Երեւանի յետսապահ Տարօն Ոսկանեան, որ փորձերու ընթացքին վիրաւորուեցաւ:
Ոսկանեանէն առաջ կազմէն հեռացած էր ռուսական Ռոսթովի միջնապահ Խորէն Բայրամեան:
Նշենք, որ ուքրանացի Ալեքսանտր Փեթրաքովի գլխաւորած կազմը` Հայաստան, վաղը` ուրբաթ, 15 յունիսին, «ԵՒՐՕ-2024»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի մրցումներուն ծիրին մէջ (Դ. խմբակ) հիւրը պիտի ըլլայ Կալեսի, Քարտիֆի մարզադաշտին մէջ, ժամը` 21:45-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով):


