Մարզական

Թուրքիա-Հայաստան Մրցումին  Իրաւարարները` Իտալիայէն

Թուրքիա-Հայաստան Մրցումին Իրաւարարները` Իտալիայէն

«ԵՒՐՕ-2024»-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան Թուրքիա-Հայաստան զտումի մրցումին իրաւարարները նշանակուեցան Իտալիայէն` «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ին կողմէ: Կեդրոնի իրաւարարը պիտի ըլլայ Տանիելէ Օրսաթօ, կողմի իրաւարարները` Չիրօ Քարպոնէ եւ Ալեսանտրօ Ճիալաթինի, իսկ չորրորդ իրաւարարը` Անթոնիօ Ռափուանօ: Նշենք, որ Օրսաթօ 2020-ին ճանչցուեցաւ իբրեւ տարուան լաւագոյն իրաւարարը, ինչպէս նաեւ նոյն տարին եղաւ «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի Փարիզ Սեն Ժերմեն-Պայէրն Միւնիխ աւարտական մրցումին կեդրոնի իրաւարարը: Դ. խմբակին...

Հայրենի Ըմբիշները Մետալներու Տիրացան  Աշխարհի Խուլերու Ախոյեանութեան

Հայրենի Ըմբիշները Մետալներու Տիրացան Աշխարհի Խուլերու Ախոյեանութեան

Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Հայաստանի ներկայացուցիչները Խըրխըզիստանի մայրաքաղաք Պիշքեքի մէջ տեղի ունեցած աշխարհի խուլերու ըմբշամարտի մեծերու, երիտասարդներու եւ պատանիներու ախոյեանութեան տիրացան երկու ոսկի եւ պրոնզ մետալի: Մեծերու մրցումներուն ախոյեան հռչակուեցաւ Սենիկ Սերոբեան, պատանիներու մրցումներուն ոսկի մետալին տիրացաւ յունահռոմէական ոճի ըմբիշ Արման Ասատրեան (50 քկ), մինչ 55 քկ դասակարգին մէջ պրոնզէ մետալակիր դարձաւ Գէորգ...

Երեւանի Մէջ Կատարուեցաւ Ալպերթ Ազարեանի Կիսանդրիի Բացումը

Մահացաւ Ողիմպիականի Եռակի Ախոյեան Ալպերթ Ազարեան

94 տարեկան հասակին մահացաւ մարմնամարզութեան ողիմպիականի եռակի ախոյեան, աշխարհի քառակի եւ Եւրոպայի կրկնակի ախոյեան Ալպերթ Ազարեան: «Սիրելի՛ հայրենակիցներ, խոր ցաւով կը տեղեկացնենք, որ 94 տարեկան հասակին իր մահկանացուն կնքեց բոլոր ժամանակներու մեծագոյն հայ մարզիկ Ալպերթ Ազարեանը», այս մասին յայտնեց Հայաստանի մարմնամարզութեան ֆետերասիոնի նախագահ Գագիկ Վանոյեան: Ան 1952-1962 տարիներուն 11 անգամ հանդիսացած է նախկին Խորհրդային Միութեան ախոյեան, 1954-1958-ին` աշխարհի քառակի ախոյեան,...

Փիւնիկ Երեւան  Մեկնեցաւ Թիֆլիս

Փիւնիկ Երեւան Մեկնեցաւ Թիֆլիս

Հայաստանի ֆութպոլի փոխախոյեան Փիւնիկ Երեւան, օգտուելով միջազգային դադարէն (Եւրոպայի ախոյեանութեան զտումի մրցումներուն գծով),  երէկ մեկնեցաւ Վրաստանի մայրաքաղաք Թիֆլիս, հոն մինչեւ 10 սեպտեմբեր կարճատեւ ուսումնամարզական հաւաք մը կատարելու համար, այս մասին յայտնեց երեւանեան ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Հաւաքին ընթացքին, Եղիշէ Մելիքեանի գլխաւորած կազմը, ֆութպոլի բարեկամական մրցում մը պիտի կատարէ վրացական Սապուրթալոյի հետ, որ ներկայիս կը գրաւէ բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան երրորդ դիրքը: Գլխաւոր...

Լիոնել Մեսսի Միացաւ Արժանթինի  Ֆութպոլի Ազգային Խումբին

Լիոնել Մեսսի Միացաւ Արժանթինի Ֆութպոլի Ազգային Խումբին

Ամերիկեան Ինթեր Մայեմիի եւ աշխարհի ֆութպոլի ախոյեան Արժանթինի ազգային խումբի 36 տարեկան յառաջապահ Լիոնել Մեսսի միացաւ ազգային խումբին` իր մասնակցութիւնը բերելու համար Հարաւային Ամերիկայի գօտիին մէջ տեղի ունենալիք 2026-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին գծով կատարուելիք մրցումներուն: Վաղը` ուրբաթ, 8 սեպտեմբերին, Արժանթին պիտի հիւրընկալէ Էքուատորը, իսկ 12 սեպտեմբերին հիւրը պիտի ըլլայ Պոլիվիոյ: Նշենք, որ Արժանթինի ֆութպոլի ազգային խումբի գլխաւոր մարզիչն է 45...

Վիարէալ Պաշտօնանկ  Ըրաւ Քիքէ Սեթիէնը

Վիարէալ Պաշտօնանկ Ըրաւ Քիքէ Սեթիէնը

«Լա Լիկա»-ի կազմերէն Վիարէալ պաշտօնանկ ըրաւ ակումբին գլխաւոր մարզիչ Քիքէ Սեթիենը, այս մասին պաշտօնապէս յայտնեց սպանական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: 64 տարեկան մասնագէտը, որ մարզիչ նշանակուած էր հոկտեմբեր 2022-ին, այսպիսով իր պաշտօնը կորսնցուց, Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 2023-2024 տարեշրջանին մեկնարկը տրուելէն չորս հանգրուան ետք: Ակումբի գլխաւոր մարզիչի ժամանակաւոր պաշտօնակատար պարտականութիւնը վստահուեցաւ խումբի թեքնիք տնօրէնին` Միկել Անխել Թենայի: «Լա-Լիկա»-ի 4-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք,...

Ինթեր Միլան Երկարաձգեց Սիմոնէ  Ինցակիի Պայմանագրութիւնը

Ինթեր Միլան Երկարաձգեց Սիմոնէ Ինցակիի Պայմանագրութիւնը

Իտալիոյ ֆութպոլի բաժակակիր եւ գերբաժակակիր Ինթեր Միլան մինչեւ յունիս 2025, երկարաձգեց պայմանագրութիւնը ակումբին գլխաւոր մարզիչ Սիմոնէ Ինցակիի հետ, այս մասին յայտնեց ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: 47 տարեկան մասնագէտը, որ Ինթերը կը գլխաւորէ 2021-էն ի վեր, անկէ առաջ տարբեր պաշտօններ ստանձնած է Լացիօ Ռոմայի հետ: Իբրեւ ֆութպոլիստ ան Լացիօ Ռոմայի հետ հանդիսացած է Իտալիոյ ախոյեան, եռակի բաժակակիր եւ Եւրոպայի գերբաժակակիր: Նշենք, որ...

Աշխարհի Ակումբներու Ֆութպոլի  Ախոյեանութեան Վիճակաձգութեան Արդիւնքները

Աշխարհի Ակումբներու Ֆութպոլի Ախոյեանութեան Վիճակաձգութեան Արդիւնքները

Դեկտեմբեր 2023-ին Սէուտական Արաբիոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ 2023-ի աշխարհի ակումբներու ֆութպոլի ախոյեանութիւնը: Տեղի ունեցած վիճակաձգութեան, Սէուտական Արաբիոյ ֆութպոլի ախոյեան Իթթիհատ նախնական հանգրուանին պիտի մրցի նորզելանտական Օքլենտ Սիթիի դէմ: Այս մրցումին յաղթականը քառորդ աւարտականին պիտի մրցի եգիպտական Ահլիի դէմ: Քառորդ աւարտականի միւս մրցումին իրարու դէմ պիտի մրցին մեքսիքական Լէոնն ու ճափոնական Ուրաուա Ռետծը: «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ի «Չեմփիընզ Լիկ»-ի տիտղոսակիր...

Թենիս. «Եու. Էս. Օփըն.»  Նովաք Ճոքովիչ Ապահովեց  Կիսաւարտական Հանգրուանի Իր Տոմսը

Թենիս. «Եու. Էս. Օփըն.» Նովաք Ճոքովիչ Ապահովեց Կիսաւարտական Հանգրուանի Իր Տոմսը

Նիւ Եորքի մէջ (Միացեալ Նահանգներ) տեղի ունեցող «ԵՈՒ. ԷՍ. ՕՓԸՆ.»-ի թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին ծիրին մէջ, աշխարհի ընդհանուր դասաւորման երկրորդ դիրքին վրայ գտնուող սերպ Նովաք Ճոքովիչ, որ քառորդ աւարտական հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ մրցեցաւ ամերիկացի Թէյլըր Ֆրիցի դէմ (9-րդ), արձանագրեց 6-1, 6-4 եւ 6-4 արդիւնքով յաղթանակ մը: Այսպիսով, Ճոքովիչ իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին 47-րդ անգամ ըլլալով ապահովեց կրան...

Պասքեթպոլ. Աշխարհի Ախոյեանութիւն.  Գերմանիա Յաղթեց Լաթվիոյ Եւ Կիսաւարտականին  Կը Մրցի Միացեալ Նահանգներու Դէմ

Պասքեթպոլ. Աշխարհի Ախոյեանութիւն. Գերմանիա Յաղթեց Լաթվիոյ Եւ Կիսաւարտականին Կը Մրցի Միացեալ Նահանգներու Դէմ

Երէկ տեղի ունեցած ՖԻՊԱ-ի աշխարհի պասքեթպոլի տղոց ախոյեանութեան քառորդ աւարտականի վերջին երկու մրցումներուն արդիւնքներուն լոյսին տակ, յստակացան կիսաւարտականին հասած չորս խումբերը: Գերմանիա, որ երկու կէտի տարբերութեամբ միայն` 81-79 արդիւնքով յաղթեց Լաթվիոյ, կիսաւարտականին պիտի մրցի Միացեալ Նահանգներու դէմ: Վերջինս քառորդ աւարտականին 100-63 արդիւնքով յաղթած էր Իտալիոյ: Կիսաւարտականի երկրորդ մրցումին, Սերպիա կը մրցի Քանատայի դէմ, որ երէկ 100-89 արդիւնքով յաղթեց Սլովենիոյ: Նշենք,...

Հայաստանի 21 Տարեկանէն Վար Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականը Սկսաւ Պատրաստուելու Ալպանիոյ Եւ Մոնթենեկրոյի Դէմ Տեղի Ունենալիք Մրցումներուն

Հայաստանի 21 Տարեկանէն Վար Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականը Սկսաւ Պատրաստուելու Ալպանիոյ Եւ Մոնթենեկրոյի Դէմ Տեղի Ունենալիք Մրցումներուն

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Հայաստանի ֆութպոլի 21 տարեկանէն վար հաւաքականը, Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին ֆութպոլի ակադեմիային մէջ սկսաւ պատրաստուելու Ալպանիոյ (8 սեպտեմբեր) եւ Մոնթենեկրոյի (12 սեպտեմբեր) դէմ տեղի ունենալիք մրցումներուն: Նշուեցաւ, որ այս շաբաթասկիզբին սկսած հաւաքը, գլխաւորութեամբ գլխաւոր մարզիչ Ռաֆայէլ Նազարեանի, իր աւարտին պիտի հասնի յառաջիկայ 12 սեպտեմբերին: Վերոնշեալ երկու մրցումները, որոնք կ՛իյնան «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ի Եւրոպայի...

Ծանրաբարձութիւն.  Հայաստանի Ներկայացուցիչները Այսօր Կը Սկսին Իրենց Մրցումներուն

Ծանրաբարձութիւն. Հայաստանի Ներկայացուցիչները Այսօր Կը Սկսին Իրենց Մրցումներուն

Երկուշաբթի, 4 սեպտեմբերին, Սէուտական Արաբիոյ մայրաքաղաք Ռիատի մէջ սկսաւ աշխարհի ծանրաբարձութեան 88-րդ ախոյեանութիւնը: Այս ախոյեանութեան, որ «Փարիզ-2024»-ի ողիմպիականի խաղերուն համար պիտի ըլլայ վարկանշային, Հայաստանի ազգային հաւաքականը պիտի ունենայ 14 մասնակից: Տղոց մրցումներուն, Հայաստանը պիտի ներկայացնեն Գոռ Սահակեան (67 քկ), Ռաֆիկ Յարութիւնեան (81 քկ), Անդրանիկ Կարապետեան (89 քկ), Դաւիթ Յովհաննիսեան, Յակոբ Մկրտչեան (96 քկ), Գարիկ Կարապետեան, Սամուէլ Գասպարեան (102 քկ), Վարազդատ...

Լուիս Ֆիկօ Ներկայ Գտնուեցաւ Նոայի Կատարած Փորձերուն

Լուիս Ֆիկօ Ներկայ Գտնուեցաւ Նոայի Կատարած Փորձերուն

Փորթուգալցի անցեալի անուանի ֆութպոլիստ Լուիս Ֆիկօ, որ այս շաբաթասկիզբին հասաւ Հայաստան, ներկայ գտնուեցաւ Նոայի կատարած փորձերուն, այս մասին յայտնեց երեւանեան ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին յետսապահ եւ այժմ Նոայի մարզիչ Ռոպերթ Արզումանեան, անոր այս այցելութեան անդրադառնալով եւ լուսանկարներ հրապարակելով անոր մաղթեց բարի գալուստ Նոա ակումբ: Նշենք, որ Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, Նոա...

Թոմաս Միւլըր Հրաւիրուեցաւ Գերմանիոյ Ֆութպոլի Ազգային Խումբ

Թոմաս Միւլըր Հրաւիրուեցաւ Գերմանիոյ Ֆութպոլի Ազգային Խումբ

Պայէրն Միւնիխի յառաջապահ` Թոմաս Միւլըր հրաւիրուեցաւ Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբ, որ կը պատրաստուի Ճափոնի (9 սեպտեմբեր) եւ Ֆրանսայի (12 սեպտեմբեր) դէմ տեղի ունենալիք ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումներուն, այս մասին յայտնեց Գերմանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Փորձառու ֆութպոլիստը պիտի փոխարինէ Պորուսիա Տորթմունտի նորեկ, 30 տարեկան յառաջապահ Նիքլաս Ֆիուլկրուկը, որ վիրաւոր է: 33 տարեկան Միւլըր, որ 2010-ին իր նորամուտը նշեց Գերմանիոյ ֆութպոլի...

Սերճիօ Ռամոս 18 Տարի Ետք Վերադարձաւ Սեւիլլա

Սերճիօ Ռամոս 18 Տարի Ետք Վերադարձաւ Սեւիլլա

Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի եւ ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմենի նախկին յետսապահ Սերճիօ Ռամոս 18 տարի ետք վերադարձաւ անցեալի իր ակումբը` Սեւիլլա, այս մասին յայտնեց սպանական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: 37 տարեկան փորձառու ֆութպոլիստը Սեւիլլայի հետ կնքեց մէկ տարուան պայմանագրութիւն մը: Ան 2005-ին Սեւիլլայէն տեղափոխուած էր Ռէալ Մատրիտ եւ վերջինիս հետ տիրացած էր 20 տիտղոսի:  

Մեսսիի Անձնական Թիկնապահը Կասեցուց Դէպի Մարզադաշտ Խուժած Համակիրը

Մեսսիի Անձնական Թիկնապահը Կասեցուց Դէպի Մարզադաշտ Խուժած Համակիրը

Հիւսիսային ամերիկեան «Մէյճըր Լիկ»-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան գծով տեղի ունեցած Լոս Անճելըս Կալաքսի-Ինթեր Մայեմի մրցումին, համակիր մը դէպի դաշտ մտնելով փորձեց մօտենալ արժանթինցի յառաջապահ Լիոնել Մեսսիին: Սակայն Մեսսիի անձնական թիկնապահը` Եասին Շուեքօ, իր կարգին դէպի դաշտ վազելով անմիջապէս բռնեց այդ համակիրը եւ զայն հեռացուց Մեսսիէն: Նշենք, որ Տէյվիտ Պեքհամ իբրեւ թիկնապահ վարձած է Շուեքոն, որ անցեալին ծառայած է ամերիկեան բանակին մէջ,...

Պասքեթպոլ. Աշխարհի Ախոյեանութիւն.  Միացեալ Նահանգներ Եւ Սերպիա Ապահովեցին Կիսաւարտականին Իրենց Տոմսը

Պասքեթպոլ. Աշխարհի Ախոյեանութիւն. Միացեալ Նահանգներ Եւ Սերպիա Ապահովեցին Կիսաւարտականին Իրենց Տոմսը

ՖԻՊԱ-ի պասքեթպոլի աշխարհի ախոյեանութեան քառորդ աւարտականի երկու մրցումները տեղի ունեցան երէկ: Իրենց արձանագրած յաղթանակներուն շնորհիւ, Միացեալ Նահանգներ եւ Սերպիա, ապահովեցին կիսաւարտականի իրենց տոմսերը: Միացեալ Նահանգներ 100-63 արդիւնքով պարտութեան մատնեցին Իտալիան, մինչ Սերպիա Լիթուանիան, 87-68 արդիւնքով: Քառորդ աւարտականի մնացեալ երկու մրցումներուն գծով այսօր Գերմանիա կը մրցի Լաթվիոյ դէմ, իսկ Քանատա` Սլովենիոյ դէմ:

Թենիս. «Եու. Էս. Օփըն»  Ալքարաս Ապահովեց Քառորդ Աւարտականի Իր Տոմսը

Թենիս. «Եու. Էս. Օփըն» Ալքարաս Ապահովեց Քառորդ Աւարտականի Իր Տոմսը

Թունուզցի Օնս Ժապէօրի Անակնկալ Պարտութիւնը Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունեցող «ԵՈՒ. ԷՍ. ՕՓԸՆ»-ի թենիսի մրցաշարքին ծիրին մէջ, որ տարուան վերջին կրան շլեմն է, աշխարհի ընդհանուր դասաւորման պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող սպանացի Քարլոս Ալքարաս, որ 1-16-րդ հանգրուանին մրցեցաւ իտալացի Մաթէօ Առնալտիի դէմ, արձանագրեց 6-3, 6-3 եւ 6-4 արդիւնքով յաղթանակ մը: Քառորդ աւարտական հանգրուանի մրցումներուն, 20 տարեկան սպանացիին մրցակիցը պիտի ըլլայ Ալեքսանտր...

«Եւրօ-2024».  Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականը Սկսաւ Պատրաստուելու Թուրքիոյ Եւ Խրուաթիոյ Դէմ Տեղի Ունենալիք Զտումի Մրցումներուն

«Եւրօ-2024». Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականը Սկսաւ Պատրաստուելու Թուրքիոյ Եւ Խրուաթիոյ Դէմ Տեղի Ունենալիք Զտումի Մրցումներուն

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը նախորդ շաբաթավերջին ֆետերասիոնին ֆութպոլի ակադեմիային մէջ սկսաւ պատրաստուելու Թուրքիոյ եւ Խրուաթիոյ դէմ տեղի ունենալիք «ԵՒՐՕ-2024»-ի գծով տեղի ունենալիք զտումի մրցումներուն: Այսօր` երեքշաբթի, 5 սեպտեմբերին, կազմին պիտի միանան վերջին ֆութպոլիստները` Անտրէ Քալիսիր, Ստեոպա Մկրտչեան, Տիգրան Բարսեղեան, Վահագն Բիչախչեան եւ Սարգիս Ադամեան, որոնք հանդէս կու գան արտասահմանի մէջ:  

Եւրոպայի Քիք Պոքսինկի Ախոյեանութեան Մետալակիրները Արժանացան Ջերմ Ընդունելութեան` «Զուարթնոց»-ի Մէջ

Եւրոպայի Քիք Պոքսինկի Ախոյեանութեան Մետալակիրները Արժանացան Ջերմ Ընդունելութեան` «Զուարթնոց»-ի Մէջ

24 օգոստոսէն 3 սեպտեմբեր Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցաւ «ՈՒԱՔՕ»-ի Եւրոպայի քիք պոքսինկի ախոյեանութիւնը, որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Հայաստանի քիք պոքսինկի ֆետերասիոնին հաւաքականը: Հաւաքականին մաս կազմեցին Սիւնիք ակումբի վեց մարզիկներ` իրենց գլխաւոր մարզիչ ունենալով Արա Սարգսեանը, ինչպէս նաեւ մարզիչ, Հայաստանի քիք-պոքսինկի ֆետերասիոնի փոխնախագահ Վիքթոր Խաչատրեանը: Ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին 38 երկիրներէ 2015 մարզիկներ: Սիւնիք ակումբին մարզիկները տիրացան երկու արծաթ եւ...

Page 259 of 1280 1 … 258 259 260 … 1,280

Արխիւներ