94 տարեկան հասակին մահացաւ մարմնամարզութեան ողիմպիականի եռակի ախոյեան, աշխարհի քառակի եւ Եւրոպայի կրկնակի ախոյեան Ալպերթ Ազարեան:
«Սիրելի՛ հայրենակիցներ, խոր ցաւով կը տեղեկացնենք, որ 94 տարեկան հասակին իր մահկանացուն կնքեց բոլոր ժամանակներու մեծագոյն հայ մարզիկ Ալպերթ Ազարեանը», այս մասին յայտնեց Հայաստանի մարմնամարզութեան ֆետերասիոնի նախագահ Գագիկ Վանոյեան:
Ան 1952-1962 տարիներուն 11 անգամ հանդիսացած է նախկին Խորհրդային Միութեան ախոյեան, 1954-1958-ին` աշխարհի քառակի ախոյեան, 1956-ին (օղակներու) եւ 1960-ին (օղակներ, խմբային)` ողիմպիականի եռակի ախոյեան:
Իր մարզական ասպարէզը աւարտելէ ետք, ան գլխաւորեց Երեւանի մարմնամարզութեան դպրոցը, որ ապագային կոչուեցաւ իր անունով:
2000-ին ան մարզական լրագրողներուն քուէարկութեամբ ճանչցուեցաւ իբրեւ Հայաստանի 20-րդ դարու լաւաագոյն մարզիկը:
23 տարի Հայաստանի մարմնամարզութեան ֆետերասիոնը գլխաւորելէ ետք, ան 2021-ին ընտրուեցաւ ֆետերասիոնի պատուոյ նախագահ:
Նշենք, որ 1 դեկտեմբեր 2022-ին, Երեւանի Ալպերթ Ազարեանի անուան մարզադպրոցի բակին մէջ տեղի ունեցաւ ողիմպիականի եռակի ախոյեանի կիսանդրիին բացումը:


