 «ԵՒՐՕ-2024»-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան Թուրքիա-Հայաստան զտումի մրցումին իրաւարարները նշանակուեցան Իտալիայէն` «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ին կողմէ:
«ԵՒՐՕ-2024»-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան Թուրքիա-Հայաստան զտումի մրցումին իրաւարարները նշանակուեցան Իտալիայէն` «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ին կողմէ:
Կեդրոնի իրաւարարը պիտի ըլլայ Տանիելէ Օրսաթօ, կողմի իրաւարարները` Չիրօ Քարպոնէ եւ Ալեսանտրօ Ճիալաթինի, իսկ չորրորդ իրաւարարը` Անթոնիօ Ռափուանօ:
Նշենք, որ Օրսաթօ 2020-ին ճանչցուեցաւ իբրեւ տարուան լաւագոյն իրաւարարը, ինչպէս նաեւ նոյն տարին եղաւ «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի Փարիզ Սեն Ժերմեն-Պայէրն Միւնիխ աւարտական մրցումին կեդրոնի իրաւարարը:
Դ. խմբակին մէջ զտումի այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ վաղը` ուրբաթ, 8 սեպտեմբերին, Էսքիշեհիրի մարզադաշտին մէջ եւ պիտի սկսի ժամը 22:45-ին` Երեւանի ժամանակացոյցով:
 
			

