Լուքաս Սելարայեանի Առաջին Կոլը` Սէուտական Արաբիոյ Մէջ
Սէուտական Արաբիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Ֆաթըհ, որ իր դաշտին մէջ հիւրընկալեց Ահլին, անոր դէմ արձանագրեց 5-1 արդիւնքով յաղթանակ մը: Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Լուքաս Սելարայեան իր ակումբին` Ֆաթըհի հետ նշանակեց իր առաջին կոլը` 59-րդ վայրկեանին: Անոր կազմը այժմ կը գրաւէ դասաւորման 7-րդ դիրքը` 8 կէտով:




















