Նիւ Եորքի մէջ (Միացեալ Նահանգներ) տեղի ունեցող «ԵՈՒ. ԷՍ. ՕՓԸՆ.»-ի թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին ծիրին մէջ, աշխարհի ընդհանուր դասաւորման երկրորդ դիրքին վրայ գտնուող սերպ Նովաք Ճոքովիչ, որ քառորդ աւարտական հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ մրցեցաւ ամերիկացի Թէյլըր Ֆրիցի դէմ (9-րդ), արձանագրեց 6-1, 6-4 եւ 6-4 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Այսպիսով, Ճոքովիչ իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին 47-րդ անգամ ըլլալով ապահովեց կրան շլեմի մրցաշարքերու կիսաւարտականի իր տոմսը:
Կիսաւարտականին Ճոքովիչ իր դէմ պիտի ունենայ 47-րդ դասուած ամերիկացի Պեն Շելթընը, որ քառորդ աւարտականին իր յաղթանակը արձանագրեց իր ազգակիցին` 10-րդ դասուած Ֆրենսիս Թիաֆոյէի դէմ, 6-2, 3-6, 7-6 եւ 6-2 արդիւնքով:
Աղջկանց քառորդ աւարտականի մրցումներուն, 2-րդ դասուած Արինա Սապալենքա (Պիելոռուսիոյ) իր կարգին ապահովեց կիսաւարտականի իր տոմսը` 6-1 եւ 6-3 արդիւնքով պարտութեան մատնելով 13-րդ դասուած ռուս Տարիա Քասաթքինան:


