Թունուզցի Օնս Ժապէօրի
Անակնկալ Պարտութիւնը
Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունեցող «ԵՈՒ. ԷՍ. ՕՓԸՆ»-ի թենիսի մրցաշարքին ծիրին մէջ, որ տարուան վերջին կրան շլեմն է, աշխարհի ընդհանուր դասաւորման պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող սպանացի Քարլոս Ալքարաս, որ 1-16-րդ հանգրուանին մրցեցաւ իտալացի Մաթէօ Առնալտիի դէմ, արձանագրեց 6-3, 6-3 եւ 6-4 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Քառորդ աւարտական հանգրուանի մրցումներուն, 20 տարեկան սպանացիին մրցակիցը պիտի ըլլայ Ալեքսանտր Զվերեւ (Գերմանիա, 12-րդ)-Եաննիք Սիներ (Իտալիա, 6-րդ) մրցումին յաղթականը:
Իր կարգին, 3-րդ դասուած ռուս Տանիիլ Մետվետեւ ապահովեց քառորդ աւարտականի իր տոմսը` 2-6, 6-4, 6-1 եւ 6-2 արդիւնքով պարտութեան մատնելով 13-րդ դասուած աւստրալիացի Ալեքս տը Մինէօրը:
Անոր յաջորդ մրցակիցը պիտի ըլլայ 8-րդ դասուած ռուս Անտրէյ Ռուպլեւ, որ իր յաղթանակը արձանագրեց անգլիացի Ճեք Տրեփըրի դէմ, 6-3, 3-6, 6-3 եւ 6-4 արդիւնքով:
Աղջկանց մրցումներուն գծով, քառորդ աւարտականի իր տոմսը ապահովեց նաեւ 17-րդ դասուած ամերիկացի Մետիսըն Քիզ, որ 6-1 եւ 6-3 արդիւնքով կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրեց իր ազգակիցին` 3-րդ դասուած Ճեսիքա Փեկուլայի դէմ:
Մրցաշարքին մեծագոյն անակնկալներէն մէկը ստեղծեց 23-րդ դասուած չինացի Քուինուեն Զուենկ, որ 6-2 եւ 6-4 արդիւնքով պարտութեան մատնեց փորձառու խաղացող եւ 5-րդ դասուած թունուզցի Օնս Ժապէօրը:
20 տարեկան չինացին, առաջին անգամ ըլլալով է, որ կը հասնի կրան շլեմի մը մրցաշարքի քառորդ աւարտականին: