Երէկ տեղի ունեցած ՖԻՊԱ-ի աշխարհի պասքեթպոլի տղոց ախոյեանութեան քառորդ աւարտականի վերջին երկու մրցումներուն արդիւնքներուն լոյսին տակ, յստակացան կիսաւարտականին հասած չորս խումբերը:
Գերմանիա, որ երկու կէտի տարբերութեամբ միայն` 81-79 արդիւնքով յաղթեց Լաթվիոյ, կիսաւարտականին պիտի մրցի Միացեալ Նահանգներու դէմ:
Վերջինս քառորդ աւարտականին 100-63 արդիւնքով յաղթած էր Իտալիոյ:
Կիսաւարտականի երկրորդ մրցումին, Սերպիա կը մրցի Քանատայի դէմ, որ երէկ 100-89 արդիւնքով յաղթեց Սլովենիոյ:
Նշենք, որ կիսաւարտականի մրցումները տեղի կ՛ունենան վաղը` ուրբաթ, 8 սեպտեմբերին իսկ աւարտականի մրցումը` կիրակի, 10 սեպտեմբերին:


