Իտալիոյ ֆութպոլի բաժակակիր եւ գերբաժակակիր Ինթեր Միլան մինչեւ յունիս 2025, երկարաձգեց պայմանագրութիւնը ակումբին գլխաւոր մարզիչ Սիմոնէ Ինցակիի հետ, այս մասին յայտնեց ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
47 տարեկան մասնագէտը, որ Ինթերը կը գլխաւորէ 2021-էն ի վեր, անկէ առաջ տարբեր պաշտօններ ստանձնած է Լացիօ Ռոմայի հետ:
Իբրեւ ֆութպոլիստ ան Լացիօ Ռոմայի հետ հանդիսացած է Իտալիոյ ախոյեան, եռակի բաժակակիր եւ Եւրոպայի գերբաժակակիր:
Նշենք, որ նախորդ տարեշրջանին Ինթեր Միլան հանդիսացաւ Իտալիոյ ֆութպոլի փոխախոյեան:


