Հայաստանի ֆութպոլի փոխախոյեան Փիւնիկ Երեւան, օգտուելով միջազգային դադարէն (Եւրոպայի ախոյեանութեան զտումի մրցումներուն գծով), երէկ մեկնեցաւ Վրաստանի մայրաքաղաք Թիֆլիս, հոն մինչեւ 10 սեպտեմբեր կարճատեւ ուսումնամարզական հաւաք մը կատարելու համար, այս մասին յայտնեց երեւանեան ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Հաւաքին ընթացքին, Եղիշէ Մելիքեանի գլխաւորած կազմը, ֆութպոլի բարեկամական մրցում մը պիտի կատարէ վրացական Սապուրթալոյի հետ, որ ներկայիս կը գրաւէ բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան երրորդ դիրքը:
Գլխաւոր խումբին հետ հաւաքին պիտի մասնակցին նաեւ Փիւնիկի ակադեմիայի խաղացողներ Յարութիւն Ասատրեան եւ Վիաչեսլաւ Աֆեան, ինչպէս նաեւ Փիւնիկ-2008-ի բերդապահ Արթուր Պետրոսեան:
Երեւան վերադառնալէ ետք, խումբը պիտի սկսի նախապատրաստուելու Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 7-րդ հանգրուանին գծով, Աբովեանի մէջ նախատեսուած Բանակային կեդրոնական մարզական ակումբին դէմ տեղի ունենալիք մրցումին:


