«Լա Լիկա»-ի կազմերէն Վիարէալ պաշտօնանկ ըրաւ ակումբին գլխաւոր մարզիչ Քիքէ Սեթիենը, այս մասին պաշտօնապէս յայտնեց սպանական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
64 տարեկան մասնագէտը, որ մարզիչ նշանակուած էր հոկտեմբեր 2022-ին, այսպիսով իր պաշտօնը կորսնցուց, Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 2023-2024 տարեշրջանին մեկնարկը տրուելէն չորս հանգրուան ետք:
Ակումբի գլխաւոր մարզիչի ժամանակաւոր պաշտօնակատար պարտականութիւնը վստահուեցաւ խումբի թեքնիք տնօրէնին` Միկել Անխել Թենայի:
«Լա-Լիկա»-ի 4-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, Վիարէալ 3 կէտով միայն կը գրաւէ դասաւորման 15-րդ դիրքը:


