Դեկտեմբեր 2023-ին Սէուտական Արաբիոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ 2023-ի աշխարհի ակումբներու ֆութպոլի ախոյեանութիւնը:
Տեղի ունեցած վիճակաձգութեան, Սէուտական Արաբիոյ ֆութպոլի ախոյեան Իթթիհատ նախնական հանգրուանին պիտի մրցի նորզելանտական Օքլենտ Սիթիի դէմ:
Այս մրցումին յաղթականը քառորդ աւարտականին պիտի մրցի եգիպտական Ահլիի դէմ:
Քառորդ աւարտականի միւս մրցումին իրարու դէմ պիտի մրցին մեքսիքական Լէոնն ու ճափոնական Ուրաուա Ռետծը:
«ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ի «Չեմփիընզ Լիկ»-ի տիտղոսակիր անգլիական Մանչեսթըր Սիթի եւ այս տարի տեղի ունենալիք «Լիպերթատորես» բաժակի մրցաշարքի տիտղոսակիրը իրենց մրցումներուն պիտի սկսին կիսաւարտական հանգրուանէն:


