Ամերիկեան Ինթեր Մայեմիի եւ աշխարհի ֆութպոլի ախոյեան Արժանթինի ազգային խումբի 36 տարեկան յառաջապահ Լիոնել Մեսսի միացաւ ազգային խումբին` իր մասնակցութիւնը բերելու համար Հարաւային Ամերիկայի գօտիին մէջ տեղի ունենալիք 2026-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին գծով կատարուելիք մրցումներուն:
Վաղը` ուրբաթ, 8 սեպտեմբերին, Արժանթին պիտի հիւրընկալէ Էքուատորը, իսկ 12 սեպտեմբերին հիւրը պիտի ըլլայ Պոլիվիոյ:
Նշենք, որ Արժանթինի ֆութպոլի ազգային խումբի գլխաւոր մարզիչն է 45 տարեկան Լիոնել Սքալոնի:


