Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Հայաստանի ներկայացուցիչները Խըրխըզիստանի մայրաքաղաք Պիշքեքի մէջ տեղի ունեցած աշխարհի խուլերու ըմբշամարտի մեծերու, երիտասարդներու եւ պատանիներու ախոյեանութեան տիրացան երկու ոսկի եւ պրոնզ մետալի:
Մեծերու մրցումներուն ախոյեան հռչակուեցաւ Սենիկ Սերոբեան, պատանիներու մրցումներուն ոսկի մետալին տիրացաւ յունահռոմէական ոճի ըմբիշ Արման Ասատրեան (50 քկ), մինչ 55 քկ դասակարգին մէջ պրոնզէ մետալակիր դարձաւ Գէորգ Սողոյեան:
Հայաստանի յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի պատանեկան հաւաքականը խմբային դասաւորման մէջ գրաւեց երրորդ դիրքը:
Հայաստանի խումբը կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան աջակցութեամբ այս ախոյեանութեան մասնակցեցաւ 14 մարզիկով:
Անոնց մարզիչներն էին Գագիկ Սերոբեան, Մարտին Ալիխանեան եւ Ժիրայր Յովհաննիսեան:


