Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի եւ ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմենի նախկին յետսապահ Սերճիօ Ռամոս 18 տարի ետք վերադարձաւ անցեալի իր ակումբը` Սեւիլլա, այս մասին յայտնեց սպանական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
37 տարեկան փորձառու ֆութպոլիստը Սեւիլլայի հետ կնքեց մէկ տարուան պայմանագրութիւն մը:
Ան 2005-ին Սեւիլլայէն տեղափոխուած էր Ռէալ Մատրիտ եւ վերջինիս հետ տիրացած էր 20 տիտղոսի:


