Եւրոպայի 21 տարեկանէն վար 2025-ի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, Հայաստանի երիտասարդական հաւաքականը, որ Աբովեանի Վահագն Թումասեանի անուան մարզադաշտին մէջ հիւրընկալեց Ալպանիան, անկէ կրեց 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը:
Մրցումէն ետք, հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Ռաֆայէլ Նազարեան պաշտօնապէս յայտարարեց, որ կը ներկայացնէ իր հրաժարականը` իր կազմին կրած պարտութեան պատճառով:
2-0 արդիւնքով պարտուած Հայաստան, թէեւ մրցումին կորսուած վայրկեաններուն նշանակեց կոլ մը, սակայն Գէորգ Տարախչեանի այդ կոլը բաւարար չեղաւ խումբը փրկելու պարտութենէն:
Նշենք, որ 67-րդ վայրկեանին, մարզադաշտին լոյսը մարեցաւ, այդ պատճառով մրցումը տասը վայրկեանով ընդհատուեցաւ:


